2014-05-23 10:52:32

Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Երկիրի մէջ`''Թող ամէնքը մէկ ըլլան''։


''Ֆրանչիսկոս Պապը Աստուածամօր հովանիին կը յանձնէ Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը''։

Կիրակի 5 յունուար 2014-ին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յայտարարեց թէ յառաջիկայ 24էն 26 մայիս 2014, ''Աստուծոյ կամքով'', ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Սուրբ Երկիր՝ վերյիշելու նպատակով Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ՝ 50 տարիներ առաջ, 5 յունուար 1964-ին, տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը։

Ուխտագնացութիւնը պիտի ունենայ երեք հանգրուան՝ Ամման, Բեթղեհէմ եւ Երուսաղէմ,եւ որուն ընթացքին նախատեսուած է համամիութենական հանդիպում մը Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա։

Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ բոլոր ներկաներէն խնդրեց որ ''այժմէն աղօթեն այս ուխտագնացութեան դիտաւորութեան որ պիտի ըլլայ աղօթքի ուխտագնացութիւն''։

Շաբաթ 24 մայիսէն մինչեւ երկուշաբթի 26 մայիս 2014, Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս ուխտաւոր, կ՛այցելէ Յորդանանը, Իսրայէլը եւ Պաղեստինեան հողամասը, իր հետ տանելով խաղաղութեան եւ միութեան պատգամ մը։Ուխտագնացութեան գլխաւոր նպատակն է ոգեկոչել Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս Տիեզերական Պատրիարքի միջեւ, Երուսաղէմի մէջ կայացած հանդիպումի եւ անոնց ողջագուրումի 50րդ յոբելեանը։ Ուխտագնացութեան կարագախօսն է ''Թող ամէնքը մէկ ըլլան''։

Սրբազան Հօր այս ուխտագնացութիւնը կը հանդիսանայ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն զօրակցութեան նշան եւ կը ներկայացնէ այն համոզումը թէ առանց քրիստոնէութեան, Արեւելեան շրջանը կրնայ իր մշակոյթով հարուստ մէկ իւրայատկութիւնը կորսնցնել։

Սրբազան Քահանայապետի ընկերացող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն, Ֆրանչիսկոս Պապի երկու արժանթինցի բարեկամներ` Րաբունապետ Սքորքա եւ Իսլամ Շէյխ` Ապուտը բացի անշուշտ Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն որոնց շարքին նշենք` Պետքարտուղար Կարտինալ Փարոլինը, գերապայծառ Պէչչու, Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը կարտինալ Սանտրին, Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Թոռան եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քոխ։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ չորրորդ Քահանայապետը որ Սուրբ Երկիրը կ՛այցելէ, առաջինը եղաւ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ը, որ 1964-ի Յունուարին ուխտագնացութիւն կատարեց Սուրբ Երկիր, ապա անոր հետեւեցան յաջորդ քահանայապետները` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ (2000) եւ Պենետիկտոս ԺԶ (2009)։

Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապը, Ուրբաթ 23 Մայիսի առաւօտեան, Սուրբ Երկիր կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին, այցելեց Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած` Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան, այնտեղ աղօթելու եւ Աստուածամօր հովանիին յանձնելու Սուրբ Երկրի ուխտագնացութիւնը։ Աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը Տիրամօր Սրբապատկերին առջեւ զետեղեց ծաղկեփունջ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.